Չորեքշաբթի, 24.04.2024, 06:10
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Օգոստոս » 4 » Նոր գիրքեր - «Զղջումին Կողմնացոյցը» Գիրքին Հետքերով
13:15
Նոր գիրքեր - «Զղջումին Կողմնացոյցը» Գիրքին Հետքերով
 «Զղջումին Կողմնացոյցը»
Գրասէր հանրութեան եւ մասնաւորաբար քրիստոնէական բարոյագիտութեամբ հետաքրքրուողներուն համար Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը ծանօթ է որaպէս ուշագրաւ յօդուածագիր եւ բարոյական արժէքներուն մեկնաբանը հանդիսացող հեղինակ: Ան շահեկան եզրայանգումներով, իրապաշտ կշռադատումով, խորաթափանց ակնարկով եւ ինքնուրոյն մատուցմամբ ընթերցասէր հաւատաւորին ուշադրութեան կը յանձնէ բարոյաքանդ տագնապները եւ ներկայ աշխարհէն ծնունդ առնող մարտահրաւէրները, որոնք կը շրջապատեն մարդուն առօրեան՝ խճողելով անոր աշխատանքային աղիւսակը:

Սահմանափակ հորիզոնները ընդլայնելու եւ քմահաճ համոզումներուն փոխարէն առողջ ըմբռնումները պարզաբաներու միտումով, հայր սուրբը փոխյարաբերական կեանքի հետ առնչուած երեւոյթները կը վերլուծէ, բարեփոխուած իրավիճակ գոյացնելու տեսլականով արմատական լուծումներ կ՛որոնէ՝ առաքինի ապրելակերպը մարդուն կոչումը նկատելով: Ան մերթ դաստիարակիչ մեթոտներ կ՛որդեգրէ, մերթ ախտաճանաչման կերպեր կը ներկայացնէ ի խնդիր անսայթաք բարոյականութեան, որ կը կազմէ ողնասիւնը աստուածահաճոյ վարքագիծին: Ահա թէ ինչո՛ւ անոր լոյս ընծայուած գիրքերը ո՛չ միայն խօսուն արտայայտիչներն են կրօնաբարոյական ուղղուածութեան, այլեւ բարին գովերգող, ճշմարիտը ծանուցող եւ գեղեցիկը յայտնաբերող խորագիրներ են, որոնք հոգեւոր խորհրդատուի դերակատարութեամբ կը յուշեն, թէ մարդակերտումը վեհ առաքելութիւն է, իսկ հոգեմտաւոր արժէքներու փնտռտուքը՝ նպատակասլաց ուղեւորութիւն:

Վերեւը նշուած հաստատումները ակնյայտ կերպով կը բացայայտուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի հրատարակած «Զղջումին կողմնացոյցը» գիրքով:

Գիրքը կը բաղկանայ 303 էջերէ, տպուած՝ Անթիլիաս: Հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններ՝ ի յիշատակ իրենց հայրերուն՝ Արամ Մանճիկեանի եւ Ժոզէֆ Ապաճեանի:

Հեղինակը փոխան յառաջաբանի բաժինին մէջ կը հրաւիրէ ընթերցողը «քաջութեամբ ընթերցելու» եւ ըստ այնմ ընկալելու մատուցուած նիւթերը, որոնք ներկայ աշխարհը ալեկոծող երեւոյթներուն մասին մատնանշումներ են՝ բարոյական անխարդախ նժարով արժեչափուած: Այս առանցքային տուեալներէն մեկնելով՝ ան կը յայտնէ գիրքին հիմնական նպատակը, դիտել տալով, թէ իր գրութիւնները «Միայն քաջութեամբ ընթերցելու համար գրուած են, ուր կան մարդկային թերութիւններէն ու սխալանքներէն տարրեր: Սխալը դիմակայելը, զայն սրբագրելու առաջնորդող քաջ քայլ է, եւ միայն քաջերը կրնան նման քայլեր առնել: Երբ կարդաս, կը համոզուիս, թէ սխալին համար կատարած զղջումդ ունի կողմնացոյց, որ կորուսեալ վիճակիդ մէջ պիտի առաջնորդէ քեզ ճիշդ ուղղութեամբ»:

Գիրքին ընդմէջէն կ՛իմանա՛նք, թէ բարոյախօսական խորհուրդը տեսական գաղափարներու հաւաքածոյ չէ, այլ նուիրական սկզբունքներու ծառայող հիմնակէտ է, պատուաբեր իրագործումներու կիզակէտն է եւ աստուածակեդրոն հաւատքի կենսառողջ սիրտն է, որով կը ձեւակերպուին նկարագրային դրական յատկանիշներ, եւ կ՛արտացոլայ «Աշխարհի Լոյսին» ճառագայթները խաւարախիտ ընկերութեան մէջ:

Անառարկելի ճշմարտութիւն է, թէ առանց դաստիարակութեան կարելի չէ պատկերացնել քրիստոնէական կենցաղ: Հայր սուրբը այս անխախտ հիմքէն առաջնորդուած, քրիստոնէական դաստիարակութեան տարրական սկզբունքները կը թուարկէ՝ անոնց խորիմաստ նշանակութիւնը եւ անժամանցելի յատկութիւնը բացորոշ դարձնելով, նշմարներ, որոնք բարերար ազդեցութիւն կ՛ունենան աստուածապաշտ հայորդիին վրայ:

«Զղջումին կողմնացոյցը» հաղորդական ոճով, ուսուցողական բնոյթով, իմաստալից մատնանշումներով եւ աստուածաշնչական օրինակներով, շփոթեցուցիչ մտայնութեանց մէջ տարուբերուող մարդուն կողմնորոշման ուղին կը յայտնէ, գայթակղեցուցիչ արարքներուն ի տես խղճահարուող բարեպաշտին յուսադրիչ խոհեր կը փոխանցէ եւ այլասերիչ հոսանքներուն դէմ պայքարող հաւատացեալը բարոյական արժէքներով կը զինէ:

Հետաքրքրաշարժ դրուագներու եւ մարդկային կեանքէն առնուած դէպքերու ներկայացումն է այս գիրքը, բարոյալից հպումներով, բովանդակալից մեկնութիւնով եւ նշանակալից թելադրանքով այժմէականացած:

Ընդհանրացած մտայնութիւն է եւ իրաւամբ անժխտելի, թէ՝ «ամէն մարդ իր քսակէն կը սորվի», սակայն հարկ է նկատի առնել, թէ այլոց սխալները մտաբերելը վտանգներ կանխարգիլելու ազդակ է, կեանքի թատերաբեմին յուշարարներ են այդ սխալները, որոնք զգոյշ եւ շրջահայեաց ըլլալու կոչ կ՛ուղղեն: Միթէ՞ այս նպատակը չի հետապնդեր Ս. Գիրքին մէջ արձանագրուած մարգարէներու տկարութիւնը, յիշատակուած հաւատքի ախոյեաններուն փորձառութիւնը եւ տագնապալից իրավիճակի մէջ ապրող աստուածասէր մարդոց վերիվայրումները… որոնք յոյս կը ներշնչեն, ինչպէս կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ՝ ըսելով. «Ինչ որ սկիզբէն Սուրբ Գիրքին մէջ գրուեցաւ՝ մեր դաստիարակութեան համար գրուեցաւ, որպէսզի համբերութեամբ եւ սուրբ գիրքերուն մեզի պարգեւած քաջալերանքով՝ յոյս ունենաք» (Հռ. 15.4): Հայր սուրբը մարդուն դրական թէ ժխտական վերաբերմունքէն ի յայտ եկող գործելակերպը լուսարձակի տակ առնելով գիտակից կեցուածքին վճռորոշ տեղն ու դերը ցոյց կու տայ, որոնց շնորհիւ կեանքը բնականոն եւ հեզասահ կ՛ընթանայ ի խնդիր յարաճուն վերելքի:

Առաքինութեան սանդուխէն բարձրանալը կ՛ենթադրէ աննկուն կամք, պայծառ միտք, հաստատուն հաւատք եւ միաժամանակ բարոյական յաղթանակով շահարկուած փորձառութիւն, որուն բազմերանգ պատկերը կ՛ուրուագծուի այս գիրքին բարոյալից պատմուածքներով, դասեր, որոնք վստահելի ուղեցոյց են անորոշութեան ծփանքներուն մէջ ապրող մարդուն: Ուստի, պատահական չէ, երբ «Զղջումի կողմնացոյցը» գիրքը կը նկարագրէ առաքինազարդ եւ շնորհընկալ մարդոց նուաճումները, խոնարհութեան սխրանքները, ծառայութեան քաղցրութիւնը եւ սրտառուչ դէպքերը, որոնք պատգամներ կը պարփակեն:

Ժողովրդային ասոյթի վերածուած նշանաբանը կ՛ըսէ՝ «Կարդալը ժամանակը արժեւորելու լաւագոյն ձեւն է»: Այս բնորոշումը իրողապէս անուրանալի կը համարուի, եթէ երբեք ընթերցողը հեղինակին պարզած գաղափարներէն եւ մշակած բանաձեւումներէն նշմարէ գիրքին հեռանկարը, ահա այն ատեն իմացական աշխարհը կը բիւրեղանայ, եւ հայու հոգին կը պայծառանայ մեսրոպաշունչ կտակով:

«Զղջումին կողմնացոյցը» գիրքով բարոյական առողջ հասկացողութեան հետ առնչուած տեսակէտներ կը պարզուին, որոնք ճշմարտաշունչ վկայութիւններ են՝ վերլուծական մտայղացումով յայտնուած:

Արդ, հայր սուրբը պատեհ շարժառիթը կ՛ընծայէ ըմբոշխնելու բարոյախօս խորհուրդին հոգեշահ յորդորները:
Ձեր վարձքը կատար, գերապատի՛ւ հայր սուրբ, բարեյաջող երթ կը մաղթենք ձեզի:


Հեղինակ՝ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ


Աղբյուր`http://asbarez.com/arm/106198/

Կատեգորիա: Գրականություն | Դիտումներ: 694 | Ավելացրեց: admin | Տեգեր: Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Օգոստոս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 1
Հյուրեր: 1
Օգտվողներ: 0