Հինգշաբթի, 25.04.2024, 18:04
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Օգոստոս » 14 » Արամ Տիգրան ժամանակակից պատմութեան մէջ. Քիւրտ ժողովուրդի առասպել երգիչը
14:53
Արամ Տիգրան ժամանակակից պատմութեան մէջ. Քիւրտ ժողովուրդի առասպել երգիչը
 Արամ Տիգրան
Շաբաթ՝ 8 Օգոստոս 2009-ին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի Վան Քալսիմոս հիւանդանոցին մէջ ուղեղի կաթուածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքեց հայերէն, թրքերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով երգող հայ ազգի զաւակ, քուրտ ժողովուրդին համար կուռք դարձած Արամ Տիգրան (Մելիքեան):

Հայ ազգի զաւակներ՝ Շարլ Ազնաւուր եթէ ֆրանսացիներուն կուռքն է, Էնտի եւ Մայքըլ՝ Պարսիկ ժողովուրդին, եթէ հանգուցեալ երգչուհի Րուպա ալ-ժամալ (Հասմիկ) արաբներու եւ յատկապէս Սուրիոյ տաղանդաւոր արուեստագիտուհին է, եթէ երգչուհի Շեր Սարգիսեան (ԱՄՆ) աշխարհահռչակ կուռք է շատերուն համար, ապա Կարապետ Խաչոն եւ Արամ Տիգրանը քիւրտ ժողովուրդին կուռքն են:

Այս պարագային Արամ Տիգրանը քիւրտ ժողովուրդին համար առասպել մըն է, քան՝ մեկնաբան:  Բառին բուն իմաստով մարդ էակ մը, քան՝ երգիչ, այլ խօսքով՝ հայ մը, որուն ցեղը ճաշակած է տանջանք, տառապանք, արհաւիրք, այդ պատճառով ալ ընտրած է երգել սրտին հարազատ լեզուներով:

Արամ Տիգրանի հայրը 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ կ’ազատի:  Անոր բնակավայր գիւղը՝ Ամատ՝ Սասնոյ շրջանը թրքական այժմու Պաթման նահանգն է, ուրկէ իր կեանքը ազատելով կը հասնի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող, մեծամասնութիւնը քրտաբնակ Գամիշլի քաղաքը: Հոն ամուսնացած է, եւ 1934-ին ծնած է Արամը:  Արամը հօրը հովանիին ներքեւ հասակ կը նետէ՝ իր մէջ վառ պահելով ազգին տառապանքն ու արհաւիրքը:  Սակայն ան միայն իր ազգին ցաւը չէ, որ կը տեսնէ, այլ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք օսմանեան ծանր լուծին տակ մնացին ու սպաննուեցան անխնայ:  Հետեւաբար՝ երեւի այդ է պատճառը, որ իր յուզմունքն ու պոռթկումը արտայայտեց զանազան լեզուներով:

Արամ Տիգրան իւրայատուկ դարձաւ յատկապէս իր նուագարան Ճիւմպուշով, ու տակաւին այդ չէր բաւեր, գործածեց իր հայկական ճարպիկ հնարամտութիւնը եւ նուագարանին վրայ աւելցուց բարձրախօսի ըսդաննտը:

Արամ Տիգրան մեկնաբանութեան համար ընտրեց յատկապէս քրտերէնը. անոր առաջին երգերէն էր քիւրտ բանաստեղծ Ճագար Խոյին բառերով երգած երգը, որ համբաւաւոր դարձաւ:

Անոր երգերը, յատկապէս առաջին օրերուն, շատ սիրուեցան ու իրենց դրոշմը ձգեցին մանաւանդ Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանը (իր ծննդավայրը), որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը:  Ապա՝ աշխարհի բոլոր քրտական շրջանակներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ անձերու, որոնք կ’երգեն Արամի երգերը, նոյնիսկ առանց իմանալու բառերուն իմաստը:  Չափազանցութիւն չէ, եթէ ըսենք, որ Ճէզիրէի շրջանի ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը նուազագոյնը ունի Արամի մէկ ձայներիզը: Վերջապէս կարելի է ըսել, որ ան եղաւ տարածաշրջանի ամէնէն սիրուած ու հեղինակաւոր երգիչը:

1966-ին Արամ Տիգրան ընտանիքով կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աբովեան քաղաքը՝ այդտեղ դարնալով Հայաստանի Քրտական ազգային խորհուրդի ներկայ նախագահ Կնիազ Հասանովի դրացին:  Արամ Հայաստանի մէջ կը ծանօթանայ մեծատաղանդ երգիչներու՝ Կարապետ Խաչոյի, Սետա Շամտինի, Սուսկա Սամոյի եւ ուրիշներու ու կը գործակցի անոնց հետ Երեւանի ձայնասփիւռի քրտական բաժնին մէջ: Հոն կ’երգէ հայերէն կարօտի երգեր՝ դէպի Հայաստան, իսկ քրտերէն՝ «Եկայ-եկայ Երեւան, Հայաստանի կարօտով, ինչ շքեղ է, ինչ հրաշք է Հայաստանը»:

Արամ երկու տասնամեակ մը Հայաստան կը մնայ:  Ի վերջոյ 1990-ականներուն վերջնականապէս կը հաստատուի Եւրոպա, ուր կը շարունակէ իր երթը մարդկային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս:

Արամ Տիգրան իր արուեստով, բնաւորութեամբ, մտածողութեամբ ու վարուելակերպով ինքնին յատուկ դարձաւ:

Անոր անհատականութեան ու երգին հանդէպ քիւրտ ժողովուրդի համակրանքը բարձր է, հոս յարմար կը նկատեմ, որպէս ականատես, օրինակ մը տալ:  Կը յիշեմ. օր մը (տարին չեմ յիշեր), երբ Հալէպի քրտաբնակ Շէյխ Մաղսուտի կողմը Նեւրուզի տօնակատարութեան (21 Մարտ) առիթով, ուր ոչ ոք ներկայ էր, նոյնիսկ բնակիչները անտեղեակ էին, քիչ մըն ալ նեղացած, որ ամէն տարուան նման տօնակատարութիւն տեղի պիտի չունենայ, յանկարծ քանի մը ինքնաշարժ կանգ առաւ, եւ անձնաւորութիւններ իջան: Շուտով պատրաստուեցաւ բեմը, ու տարածութիւնը լեցուեցաւ բազմութեամբ. Արամ Տիգրան ելոյթ պիտի ունենայ:  Հազարաւոր քիւրտեր տեղ չէին ձգած ոտքի կենալու:

Երբ կը խօսինք Արամի էութեան մասին, ահաւասիկ իր մահուան առիթով յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը նոյնիսկ խնդիր յարուցեցին:

Արամ Տիգրանի Թուրքիոյ քաղաքացի չըլլալը պատճառ դարձաւ, որ թրքական իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ մշակոյթի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժեն անոր ընտանիքին եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի գլխաւորութեամբ ստեղծուած յուղարկաւորման յանձնաժողովի դիմումը՝ Տիարպէքիրի մէջ թաղելու Արամ Տիգրանը՝ իր վերջին ցանկութեան համաձայն:

Հետեւաբար հանգուցեալին ընտանիքը զայն յուղարկաւորեց իր բնակութեան վայր Պրիւքսէլի մէջ: Իխելլէս շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին քրտական միութիւններու, կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգուցեալ Արամ Տիգրանի պարագաներ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն:

Յաւարտ արարողութեան դամբանական խօսեցաւ հայ արաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու Մեսրոպ Պարսամեան, որ վեր առաւ Արամ Տիգրանի կեանքի ուղին իբրեւ արուեստագէտ, արդարութիւնը սիրող, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդարութեան հաւատացող ու այդ ճամբով ալ՝ իր նուիրաբերումով այլոց օրինակ հանդիսացած, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ հաւատաւոր հայ մը:

Եկեղեցիէն քիչ մը անդին գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգուցեալին դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ իր հարազտներուն ու երկրպագուներուն կողմէ: Արարողութենէն ետք դամբանական խօսեցան քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արամ Տիգրանի ընտանիքին անունով հանգուցեալի տղան՝ Յակոբ Տիգրանը:

Նշենք, որ Արամ Տիգրանի դագաղը հողին յանձնուած պահուն անոր միախառնուեցաւ Ամետէն յատուկ բերուած հողը:

Սգակիր բազմութիւնը, քիւրտ արուեստագէտներու հետ, յուզմունքի, լացի ու ողբի մէջ, խմբերգեցին Արամի ամէնէն սիրուած երգերը՝ քտերէն «Այ տիլպերէ» եւ այլ երգեր, ինչպէս նաեւ՝ հայերէն «Սօնա եար»-ը («Սարը կէլին»):  Այսպիսով իրենց վերջին հրաժեշտը տուին Արամ Տիգրանի յոգնաբեկ մարմնին:

Ուշադրութեան արժանի է քրտական յատուկ պատկերասփիւռի կայանի մը կատարած ուղիղ եթերը, որ Արամի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութեան կարգը ամբողջ տեւողութեան սփռեց:

Միւս կողմէ՝ Արամ Տիգրանի համար խորհրդանշական հոգեհանգիստ ու թաղման արարողութիւն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոն Տիարպէքիրի հայկական եւ ասորական գերեզմանոցին մէջ:  Սգոյ արարողութեան ներկայ էին Թուրքիոյ խորհրդարանական միակ քրտական՝ Դեմոկրատական Հասարակութիւն կուսակցութեան պատգամաւորներ, քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, բազմաթիւ քիւրտ եւ հայ մտաւորականներ ու քաղաքացիներ:

Անոր յուղարկաւորութեան հետ կապուած խնդիրը մենք հոս այս անգամ կը վերլուծենք քաղաքական դիտանկիւնէ, հետեւեալ կէտերու մէջ.

1.- Ահաւասիկ անգամ մը եւս ականատես կ’ըլլանք «քաղաքակրթուած Թուրքիոյ» իսկական էութեան:  Թուրքիոյ իշխանութիւններու մերժումը Արամ Տիգրանի թաղման Տիարպէքիրի մէջ կը միտի կանխել տարեկան հազարաւոր հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ այլ ազգի պատկանող այն անձնաւորութիւններուն վերադարձը, որոնք կը բնակին օտար երկիրներու մէջ, երբ անոնք թրքական քաղաքականութեան պատճառ դարձած արցունքի մէկական կաթիլներն են, որոնց նախահայրերը տարագրուած են իրենց իսկ պապենական հողերէն, մէկ խօսքով՝ կանխել արտաքսուած միլիոնաւոր անձերու վերադարձը մայր հայրենիք:

Այս բոլորը, սակայն, կը պատահի, երբ աշխարհի մէջ շատեր արդէն կը թաղուին իրենց չծնած երկիրներուն մէջ:

2.- Տիարպէքիրի մէջ թաղելու թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը թրքաբնակ քիւրտերուն կողմէ կրնար դիտուիլ իբրեւ քրտական խնդիրի լուծման ուղղուած դրական քայլ մը Թուրքիոյ մէջ:

Արամի մահուան գոյժը օրին տեղեկացուցին քրտական, քանի մը օր ետք՝ հայկական եւ այլ պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայանները: Գրուեցան տասնեակ յօդուածներ, եւ նոյնիսկ համացանցի ճամբով կայքէջերու մէջ առիթ տրուեցաւ ակումբային դրութեամբ տեսակէտներ փոխանցելու:

Արամ Տիգրանի մահուան կապակցութեամբ գրուած բոլոր յօդուածները կամ սրտի խօսքերը, որոնք լոյս տեսան զանազան լեզուներով՝ քրտերէն, արաբերէն եւ այլն, լրատուական զանազան միջոցներով, սրտի ամենայն գոհունակութեամբ պարտք սեպուեցաւ Արամը, որպէս հայ, անոր ինքնութիւնն ու Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ենթարկուիլը լուսարձակի տակ առնել:

Մամուլի զանազան թերթերէն հոս կարելի է նշել քանի մը հատը միայն, օրինակ՝ սուրիական «Պէլէտունէ»ն, լիբանանեան «Աս-Սէֆիր»ը, Իրաքեան «Իրաք ու-լղէտ» եւ այլ թերթեր:  Իսկ լրագրողներէն ու մտաւորականներէն՝ Հէյսէմ Հուսէյն, Սապրի Ռասուլ, Լուղման Տերքի, Էրտալ Ալըչփընար, Ալի Կիւլէր եւ ուրիշներ: Հոս յարմար կը նկատենք մէջբերել վերոնշեալ թերթերու եւ Արամի երկրպագուներու կարծիքները, որոնց բոլորն ալ նախ եւ առաջ կը գուժեն Արամ Տիգրանի մահը հայ ժողովուրդին ու Արամ Տիգրանի պարագաներուն, ապա անոնք կը միանան այն կարծիքին, թէ Արամ, այո՜, ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ, սակայն հոգին, արուեստը ու մարդկային ազնիւ բնաւորութիւնը մեր մէջ պիտի մնայ յաւիտեան:

Քիւրտերը զայն կը տեսնեն որպէս յեղափոխական, նահատակ ռազմիկ մը իրենց մարտիկներէն:

Անոնք կ’աւելցնեն՝ ըսելով, որ Արամ մեր յիշատակներուն, երգերուն, բառերուն մէջ է: Քիւրտերու մէջ կը տեսնենք թէ, անոնց անհատականութեան մէջ անպայման բան մը գոյութիւն ունի Արամէն, անոր երգէն, անոր խօսքերէն, բառերէն, Արամի որմազդը կարելի է տեսնել ամէն մէկ քրտական տուն, նոյնիսկ ի պատիւ իրեն կարելի է հանդիպիլ Արամ անունով քիւրտերու, գացէք քրտական ո՜ր շրջանը որ կ’ուզէք տեսնել, ան ըլլայ Ճեզիրէի շրջանը, կամ Հալէպի շրջակայքը, կամ նոյնիսկ Հալէպի մէջ՝ Պուսթան Փաշայի շրջանը:

Ակնյայտ իրականութիւն է, նոյն քիւրտերու հաւաստիացումով նոյնիսկ, որ չկայ քիւրտ մը, որ երգէ քրտերէն Արամի նման այնքան սրտով, հոգուով ու ապրումով:

Քրտական երաժշտութեան հանրայայտ մեկնաբան, արուստագէտ Արամ Տիգրանի մասին վերջերս գրուած յօդուածներէն այստեղ կը ներկայացնենք քանի մը հատը միայն՝ շօշափելու համար, որ հանգուցեալը եւ իր ճամբով հայ ժողովուրդը ի՞նչ մակարդակի կը դիտուին արաբներու, քիւրտերու, ասորիներու եւ այլ ժողովուրդներու կողմէ:  Այսպէս՝ Ապտուլ Ղատէր ալ-Շէյխ Մուհամմատ Մաասում ալ-Խազնաուի կը գրէ.  «Այսօր հարսանիք է երկինքին մէջ, ուր կը դիմաւորուի մեր արուեստագէտ հայ քիւրտ Արամ Տիգրանը հրեշտակներու կողմէ, որոնք կը թափառին հոգիին շուրջ, թաղումը կը վերածուի հարսանիքի, երբ հոգին կ’անցնի երկինքէն, եւ հրեշտակները կ’երգեն երգեր հայերէն եւ քրտերէն ու կը լսեն բարձր երկինքի մէջ հրեշտակները, որոնք կը դիմաւորեն զայն ըսելով.- երկինքի մէջ արքայութիւն իսկ երկրի վրայ խաղաղութիւն»:

Իպրահիմ ալ-Եուսէֆ իր յօդուածին վիրնագիր կ’ընտրէ. «Արամ Տիգրան՝ հարազատ քրտերէն երգի սքանչելի հսկաներէն մէկը, հրաժեշտ քեզի». անոր յօդուածը լեցուն է մերթ զգացական, մերթ ազգային զգացումներով. առ այդ կը գրէ. «Արամը՝ հայկական պիտակով, հոգին՝ քիւրտ, իղձ, արուեստ, սէր, տակաւին կը կառուցէ կամուրջ երկու ժողովուրդներու՝ հայ եւ քիւրտ, զուգահեռաբար…»: 

Իսկ Իպրահիմ Մուսթաֆայէն կը մէջբերենք միայն հետեւեալ երկտողը. «Արամը երգեց քիւրտ ժողովուրդին պատկանող ամէն ինչ՝ անարդարութիւնը, նահատակները, ազատութիւնը, պայքարը, ծառը, սէրը, երեխան, կանայք եւ այլն»:  Մուսթաֆա վերջապէս կը կատարէ խիստ կարեւոր հարցադրում մը. «Մենք եւս արդեօք պիտի երգե՞նք Հայաստանի համար, որ ենթարկուեցաւ Ցեղասպանութեան, յայտնի այդ պատմական արհաւիրքին, որ կատարուեցաւ օսմանցիներու կողմէ… զոր մինչեւ օրս թուրքերը կը հերքեն այդ դէպքը»: 

Արամի մասին գրուած ամէնէն յուզումնալից եւ զգայացունց յօդուածը կը պատկանի յայտնի գրող Մասուտ Աքքոյին:  Յօդուածին վերնագիրն է «Երբ հրաժեշտ կու տայ երգ մը… Արամ Տիգրանին»:  Աքքոյի տողերը կարդալով՝ անկարելի է, որ մարդ չազդուի սրտի խորքէն բխած, ամէնէն թափանցիկութեամբ եւ անկեղծ խոստովանութեամբ արտայայտուած բառերուն, այնպէս որ ընթերցողին յուզմունքն ու լացը խնայելու գնով այստեղ կու տանք միայն անոր վերջաբանը, որ կ’ըսէ. «Արամ… կորսնցուցի քեզ այսօր բառերուս հետ, որ կը դժուարանայ թարգմանել զգացումներս, բառերս չեն ուզեր դուրս գալ տխուր սրտէս, ձայնիդ գուրգուրանքը մատներս կը յուզէ, ան ուժասպառ է գոյժդ գրելու, դուն շատ աւելի հզօր ես, քան իմ պարզ բառերս, սակայն, քու մեկնումիդ մէջ լաւ կողմը այն է, որ դուն պիտի մնաս մեր սրտերուն մէջ, եւ ձայնդ պիտի երգէ գեղեցկութեամբ, այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին քիւրտն ու հայը: Այս աշխարհի վրայ դուն սակաւաթիւ երրորդութիւնն ես. Ազգութեամբ՝ հայ, լեզուով ու երգով՝ քիւրտ, կրօնքով՝ քրիստոնեայ, ինչպիս՞ի մարդ արարած մըն էիր:

Դուն արժանի ես ըլլալ Արամ Տիգրան, գեղեցիկ քրտերէն երգի առաքեալ, եւ սիրոյ ու խաղաղութեան դեսպան քիւրտի եւ հայու միջեւ, դուն ամէնէ հզօր երգն ես, որ մեկնեցար, բայց արձագանգը պիտի մնայ Արարատի, Ճուտիի եւ Զաղրոսի լանջերուն… Արամ… դուն ամէնէն հզօր երգի ամէնէն քաղցր մեղեդին ես»:

Այս բոլորէն ետք այստեղ կ’եզրակացնենք, թէ Արամ Տիգրան, իր 75 տարուան ընթացքին, աւելի քան 55 տարիները անցուց ծառայելով արուեստի, որպէս դատ մարդկութեան, անոր ընդմէջէն ներկայացնելով մարդու տառապանքն ու երազը, արդարեւ, երգեց ազատութիւնը, խաղաղութիւնը եւ մարդկային բոլոր յուզումները՝ հայերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով:

Ան իր արուեստի միջոցաւ եղաւ յեղափոխութեան, իրաւունքի եւ արդարութեան ջատագովը, որու ճամբով եղաւ կամուրջը տարածաշրջանի ժողովուրդներուն:  Մեկնաբանութեան համար իր ընտրած լեզուները անոր ամէնէն լաւ վկան են:

Վերջապէս, կը բաւէ ընդգծել, թէ, Արամ Տիգրանը, որպէս արուեստի մեծատաղանդ անձնաւորութիւն մը, քրտական երգարուեստի մէջ կատարեց յեղափոխութիւն, ներմուծեց եւ իր դրոշմը դրաւ յատուկ «Արամեան» ոճին, ինչու չէ՝ նաեւ կարելի է ըսել «Արամեան» երաժշտութեան տեսակի դպրոցին:  Անորմով քրտական ժողովրդային երգ-երաժշտութիւնը ապրեցաւ զարթօնք:

Միւս կողմէ՝ Արամի ճամբով աւելի ճանչցուեցան հայկական ժողովրդային երգերը, որոնք իր երգացանկին մէջ անպայման տեղ կը գրաւեն, յատկապէս ազգային եւ յեղափոխական երգերը:

Արամ Տիգրանի մահուան առիթով փորձեցինք լուսարձակի տակ առնել այս հայորդիի բեղմնաւոր կեանքին ու գործունէութեան կարեւորութիւնն ու արժէքը, որպէսզի հայկական մամուլը եւս իր կարգին արձագանգէ հայութեան ոչ շատ ծանօթ, սակայն պատիւ բերող, ժամանակակից պատմութեան մէջ քիւրտ ժողովուրդին առասպել երգիչ Արամ Տիգրանին անունը:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ


Աղբյուր`http://akunq.net/am/?p=11616

Կատեգորիա: Ծլնգոցից մինչև զրնգոց | Դիտումներ: 790 | Ավելացրեց: admin | Տեգեր: Արամ Տիգրան | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Օգոստոս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 3
Հյուրեր: 3
Օգտվողներ: 0