Ուրբաթ, 29.03.2024, 10:12
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Օգոստոս » 20 » «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ»
15:15
«Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ»
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարի բացումին «Հայոց լեզուն մեր արիւնն Է, առանց անոր բնական շրջանառութեան, մեր ազգին մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, երէկ` հինգշաբթի, 18 օգոստոս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին` նուիրուած «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը` գլխաւորութեամբ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Ժիրայր Դանիէլեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց մասնակիցներուն, որոնք եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն, Թուրքիայէն եւ Միջին Արեւելեան այլազան երկիրներէ: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան իր խօսքը արտասանեց` մատնանշելով այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած են ոչ միայն տարածում գտնել, այլեւ արմատաւորուիլ ու «բնական» նկատուիլ արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ: Իր պատգամի ընթացքին արտայայտած մտածումներով, վեհափառը խորապէս մտահոգիչ գտաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութիւնը, սակայն սոյն համագումարին գումարումը բնաւ առիթ չնկատեց այս կացութեան ողբը հիւսելու, այլ միջոց` միասնաբար որոնելու արեւմտահայերէնը բիւրեղացնելու եւ զայն առողջացնելու ազդու ծրագիրներ կազմելու: Արամ Ա. կաթողիկոս յորդորեց ախտաճանաչումը կատարել կացութեան, որուն պիտի նպաստէ փորձառութեանց փոխանակումը: Ապա, վեհափառը ըսաւ, թէ «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» բանալի հարցումները պէտք է տալ բարձրաձայն` յառաջատուական ընթացքով գտնելու համար լուծումները:


«Թէ ի՞նչ միջոցներով արեւմտահայերէնը պիտի փրկենք» հարցադրումը կատարելով եւ անոր պատասխանելով` վեհափառը ըսաւ, թէ մեր սեփական ուժերով զանիկա պիտի փրկենք եւ ոչ միայն քննադատական յօդուածներ ստորագրելով կամ միջազգային մշակութային կամ լեզուագիտական կազմակերպութիւններուն դիմելով: Վեհափառը ըսաւ, թէ մեր միջոցներով պայքարիլ եւ աշխատանք տանիլ կը նշանակէ ծրագրուած աշխատանքով մարդուժի պատրաստութեան սկսիլ, «առանց որուն մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները կը դառնան անիմաստ: Այսպէս` ուսուցիչ, հայագէտ, լեզուագէտ գրեթէ կը պակսին մեզի, այսօրուան մեր կեանքին մէջ», ըսաւ ան: Առ այդ, ազգային գիտակցութեան վերազարթօնք անհրաժեշտ նկատեց վեհափառը, մեր ինքնութեան գոյապայքարին նոր թափ տալու համար: «Հայոց լեզուն մեր արիւնն է, առանց անոր բնականոն շրջանառութեան, մեր ազգի մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ», ըսաւ ան:

Հայրապետական պատգամէն ետք խօսք առաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Ողջունելով Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող սոյն համագումարը` Անանեան մատնանշեց սփիւռքի այն մտահոգութիւնները, որոնց դիմաց Հայաստանի պետութիւնը որոշ քայլերու դիմած է վերջին տարիներուն: Սփիւռքի նախարարութիւնը, «Սփիւռք գիտա-հետազօտական կեդրոն»ը, «Զանգակ 97» եւ այլն յիշելով` Անանեան ցոյց տուաւ այն հոգածութիւնը, զոր կը ցուցաբերէ հայրենիքը հանդէպ սփիւռքին, որուն գոյութիւնը եւ գոյապայքարը յատուկ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար:

Անանեան իբրեւ լուծում առաջարկեց Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպումը մանկավարժներու պատրաստութեան` ուղղակի վիրահատումը կատարելու համար վերոյիշեալ կացութեան, որպէսզի սփիւռքի վարժարաններու մակարդակի բարձրացումը ապահովուի: Ան նաեւ կատարեց առաջարկ համահայկական լեզուական խորհուրդ ստեղծելու, որուն ծրագրումները եւ տուած որոշումները պարտադրաբար գործադրուին բոլոր գաղութներուն կողմէ: Համահայկական կայքէջ ստեղծելու առաջարկ նաեւ կատարելով` Անանեան արեւմտահայերէն ուսուցանելու միջոց իբրեւ ներկայացուց ան, բոլոր փափաքողներուն: Երկլեզու` արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն պարբերական կամ օրաթերթ հրատարակելու իր առաջարկով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնով պատկերասփիւռի կայան հաստատելու միտքով, Անանեան յայտնեց, թէ անոնք մեծապէս պիտի նպաստեն լեզուի ուսուցում կատարելու:

Բացման պաշտօնական բաժինէն ետք համագումարը աշխատանքային իր հոլովոյթին անցնելով զեկուցումներ լսեց առաջին նիստին յատկացուած «Արեւմտահայերէն լեզուի քերականութեան դասագիրքերու այլազանութիւնն ու անկէ յառաջացած շփոթը» նիւթին շուրջ: Նիստը վարեց Ժիրայր Դանիէլեան, իսկ զեկուցումներ ներկայացուցին Մարի Ագպաշ` Թուրքիայէն, Շողիկ Աշըգեան` Սուրիայէն, իսկ Յովիկ Պերթիզլեան` Լիբանանէն:

Բ. նիստը յատկացուած էր «Սփիւռքահայ վարժարաններուն համար արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրի մը պահանջը» նիւթին: Նիստը վարեց Համբիկ Մարտիրոսեան, իսկ զեկուցաբերներն էին` Անժել Միսիսեան` Լիբանանէն, Յակոբ Չոլաքեան` Սուրիայէն եւ Պետրոս Հաճեան` Արժանթինէն (ի բացակայութեան Հաճեանի զեկուցումը ընթերցեց Սարգիս Կիրակոսեան):

Յետմիջօրէին, Գ. նիստը յատկացուած էր «Արեմտահայերէնի նոր դասագիրքեր եւ բառարաններ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը» նիւթին, զոր վարեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Սոյն նիւթին զեկուցաբերներն էին Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան` Ֆրանսայէն, գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան` Լիբանանէն, եւ Գեղանի Էթիեմեզեան` Լիբանանէն:

Դ. նիստը կը շօշափէր «Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան հրամայականը» հրատապ նիւթը: Նիստը վարեց Սարգիս Նաճարեան` Լիբանանէն, իսկ այս մասին զեկուցումներ ներկայացուցին Տիգրան Ճինպաշեան` Լիբանանէն, Կարօ Յովհաննէսեան` Լիբանանէն, եւ Յակոբ Միքայէլեան` Սուրիայէն:

Բոլոր նիստերուն ընթացքին զեկուցաբերներուն կողմէ ներկայացուած ախտորոշումներն ու առաջարկները քննարկումի ենթարկուեցան մասնակիցներուն կողմէ, թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան քերականութեան պարզացման, դասագիրքերու արդիականացման, ուսուցիչներու պատրաստութեան, ստիպողաբար երկլեզու կամ եռալեզու մտածող ու խօսող ներկայ սերունդի կազմաւորման եւ այլ մանկավարժական հարցերու մասին, որոնք բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ արձանագրուելով պիտի խմբագրուին գործնական քայլեր առաջարկող յայտարարութեան մէջ, որ պիտի հրապարակուի համագումարի նիստերու աւարտին:

<2>Խմբագրական. Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրին քաղաքական նշանակութիւնը
Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը, իր նախաձեռնող կողմով, կայացման վայրով, մասնակիցներով եւ արծարծած նիւթերով իրադրային նշանակութիւն ունենալու բոլոր հանգամանքները ունի: Համագումարը, որ նուիրուած է «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին, կոչուած է քննարկելու ամէնէն հրատապ նիւթը, որ կը յուզէ նախ եւ առաջ ամբողջ արեւմտահայ աշխարհը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ սփիւռքի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային կեդրոն, բոլոր նախադրեալներն ու հանգամանքները ունի նման համասփիւռքեան եւ շեշտակիօրէն նաեւ` համահայկական տարողութեամբ հարցերու քննարկման եւ մանաւանդ անոնց լուծման մեքենականութիւններու ճշդումի նախաձեռնութիւնները առնելու: Կրթականը համընդհանուր այս առաջադրանքներուն կարեւոր բաղադրիչներէն է, եւ այս պարագային արեւմտահայերէնի պարզած իրավիճակը, դիմագրաւած խնդիրներն ու մանաւանդ զանոնք յաղթահարելու ուղիներու որոնումներն ու համապատասխան միջոցներու որդեգրումը պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող ա՛յս միջավայրէն է, որ պէտք է նախաձեռնուին, տնօրինուին եւ ընթացք առնեն:
Լեզուական այս հիմնահարցը անշուշտ ունի քաղաքական խորք: Արեւմտահայերէնը, ինչպէս Արեւմտահայաստանի ու արեւմտահայոց մշակութային տարբեր բնոյթի ժառանգութիւնները ունին նախացեղասպանութիւն եւ յետցեղասպանութիւն իրավիճակներ: Եւ եթէ այսօր միջազգային կազմակերպութիւններ կ՛ահազանգեն արեւմտահայերէնի վտանգուածութեան մասին, կը խօսին անոր նահանջին մասին, ապա խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն պատճառահետեւանքային տրամաբանութիւնը` պարզելու համար, որ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ սկսաւ իր բնօրրանէն դուրս օգտագործուող հայերէնի այս ճիւղը ապրիլ իր նահանջը: Կամ` արեւմտահայերէնը իր կատարելագործութեան ու բարձրակէտին հասցուցած մտաւորականութեան սերուցքը մէկ գիշերուան մէջ ի՞նչ ճակատագիրի արժանացաւ:

Ահազանգ բարձրացնող միջազգային լեզուագէտներն ու փորձագէտները, եթէ չեն ուզեր քննարկել լեզուի նահանջին տուն տուող պատմաքաղաքական շարժառիթները, ապա բնականաբար կ՛իմաստազրկեն իրենց հնչեցուցած ահազանգները կամ լեզուներու գոյավիճակներուն մասին կատարած դասակարգումները: Արեւմտահայերէնը արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան հասցուած ցեղասպանական հարուածէն զերծ չէ մնացած: Հարուածին ազդեցութիւնը երկարաժամկէտ բնոյթ ունի եւ ահաւասիկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Ցեղասպանութեան հարուածը կը զգացուի ամենասուր ձեւով:

Ցեղասպանութեան հատուցումի իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան ընթացքին իրաւագէտները անպայման նկատի կ՚ունենան այս պարագան եւս եւ այսօրուան իրավիճակին կամ համամարդկային արժէք ներկայացնող լեզուական հարստութեան մը տակաւ նօսրացման երեւոյթին համար գլխաւոր պատասխանատուութեան սիւնին կը գամեն ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդ Թուրքիան:

Այս առումով ալ, ճիշդ է, որ արեւմտահայերէնի այսօրուան պատկերը նախ եւ առաջ կը յուզէ արեւմտահայ աշխարհը, այսուհանդերձ խնդիրը պէտք է յայտնուի նաեւ Հայաստանի պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ պետական լեզուն հայերէնն է (եւ ոչ թէ արեւելահայերէնը սոսկ): Եւ հայերէնը պարտի ապրիլ, զարգանալ ու ստեղծագործուիլ իր երկու ճիւղերով: Նկատի ունենալով նաեւ խնդիրին քաղաքական էութիւնը, արեւմտահայերէնի փրկութեան, զարգացման, ծաւալման եւ այս պարագային այսօրուան իրավիճակին քաղաքական պատասխանատուութեան գնահատական տալու աշխատանքները հայրենիք-սփիւռք համակարգաւորեալ աշխատանքի ուղենիշեր կ՚ենթադրեն: Այս տեսակէտէն Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահին ներկայութիւնը` համագումարին նման ուղղութեամբ մտածելու տեղի կու տայ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր պատմական առաքելութեան հիման վրայ համախմբած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով գոյացած գաղութներու մտաւոր ներուժի ներկայացուցիչները ցեղասպանութեան մէկ կարեւոր հետեւանքին` արեւմտահայերէնին պարզած այսօրուան իրավիճակը քննարկելու եւ խնդիրներուն համապատասխան ու գործնական լուծումներու համար ուղիներ որոնելու եւ ճշդելու:

Այս համախմբումը ինչպէս հոգեւոր ու մշակութային, այնպէս ալ ազգային ու քաղաքական նկատառելի նշանակութիւն ունի: Մանաւանդ` ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հիմնական պատասխանատուին պատժելիութեան եւ հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան համար:

«ԱԶԴԱԿ»


Աղբյուր`http://akunq.net/am/?p=11726

Կատեգորիա: Միջոցառումներ | Դիտումներ: 921 | Ավելացրեց: admin | Տեգեր: Արամ Ա. Կաթողիկոս | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Օգոստոս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 1
Հյուրեր: 1
Օգտվողներ: 0