Երեքշաբթի, 23.04.2024, 23:39
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Հուլիս » 19 » Դանիէլ Վարուժանի Հացին Երգը՝ Երգով Ու Դաշնակով
14:39
Դանիէլ Վարուժանի Հացին Երգը՝ Երգով Ու Դաշնակով
Սեպուհ Աբգարեան
Մեր գրականութեան սիրահարներուն համար գագաթային գրականութիւն կը նկատուի Դանիէլ Վարուժանի վերջին ու կիսաւարտ նկատուած «Հացին Երգը» բանաստեղծական հաւաքածոն։ Անզուգական բանաստեղծը իր ամբողջ տաղանդն ու հայոց լեզուի բառապաշարը զօրակոչի ենթարկած է երգելու համար հացին երգը, մշակի քրտինքով կատարուած առաջին ցանքէն մինչեւ տաք հացին բուրմունքը։ Գրասէրներու համար անյագուրդ հաճոյք է կարդալ այս բանաստեղծութիւններէն մէկը կամ միւսը, ոմանք ինքնին արդէն շատ նշանաւոր դարձած, ինչպէս «Անդաստան»ը, որ շարքին վերջին բանաստեղծութիւնն է։

«Հացին Երգը» մինչեւ հիմա միայն բանաստեղծութեամբ երգուած երգ էր, բայց հիմա այդ երգը դարձաւ նաեւ իրական երգ՝ ձայնով ու երաժշտութեամբ։ «Գոհար» նշանաւոր պարախումբի ու երգչախումբի ղեկավար, երաժշտական մեծ վարպետ Սեպուհ Աբգարեանի կը պարտինք բանաստեղծութենէ դէպի երաժշտութիւն այս անցքը։ Սեպուհ Աբգարեան 2009 թուականին Երեւանի մէջ տպեց ու գրասէր-երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ «Հացին Երգը» հաւաքածոյի երեսուն բանաստեղծութիւններուն վրայ գրուած երեսուն երգ, բոլորն ալ իր յօրինումները։

Երգերու շարքը կը սկսի «Մուսային»ով, կ՛անցնի արտերու ու ցորեաններու դաշտերուն, գարնան անձրեւներու ու հասուն արտերու մէջէն եւ կը վերջանայ «Անդաստան»ով, որուն վերջին տողն է «Սիրերգութիւն թող ըլլայ»։ Եւ ասիկա իրաւ սիրերգութիւն է։ Թէեւ, երաժշտական նօթաները կարդալ չգիտնալու հետեւանքով, մենք ի վիճակի չենք մէկ նայելով անձնապէս իմանալու երգերուն որակն ու տեսակը, կամ երեւակայութեան ճամբով մեր ականջներուն մէջ հնչեցնելու նոյնինքն երգը, բայց անոնց նայելով իսկ կրնանք ենթադրել որ «Գոհար» երգչախումբին հետ երաժշտական գագաթնային բարձունքներ ստեղծող այս սիրելի մարդը, Սեպուհ Աբգարեանը կրցած է տալ Դանիէլ Վարուժանին ու սուրբ հացին իրաւունքը։

Սեպուհ Աբգարեան այս երգերուն մէկ մասը գրած է միայն դաշնակի ընկերակցութեան համար, մէկ մասը գրած է սօփրանօ, ալթօ, թենոր ու պաս՝ չորս ձայնի համար, մէկ մասն ալ երկու թենորի ու մէկ պասի համար։ Տրուած ըլլալով որ այս թանկարժէք յօրինումներու հաւաքածոյին տպագրութեան թուականին վրայէն աւելի քան մէկ տարի անցած է, չենք գիտեր թէ անոնցմէ ոմանք գործադրուա՞ծ են մինչեւ այսօր, բայց ո՜վ գիտէ երաժշտական ինչ հետաքրքրական ու հաճելի խնջոյք մը կ՛ըլլար եթէ անոնց ամբողջական կամ մասնակի մէկ գործադրութիւնը իրականանար մեր անմիջական շրջանակին մէջ եւս։

Գիտենք անշուշտ որ «Հացին Երգը» հաւաքածոն Աբգարեանի առաջին յօրիմումը չէ։ Ան հեղինակ է արդէն բազմաթիւ երաժշտական ստեղծագործութիւններու ինչպէս խմբերգ, սենեակի երաժշտութիւն, օրաթօրիօ, գանթաթ, սէնֆոնիք ստեղծագործութիւն։ Աբգարեան ունի նաեւ երաժշտական երգիծանուագներ։ Իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները արդէն մեկնաբանուած են Փարիզի, Պէյրութի, Ամերիկայի մէջ։ Մրցանակներ ալ շահած է։ Բայց Սեպուհ Աբգարեանը  հայ երաժշտասէրները միշտ կը ցնցէ «Գոհար» երգչախումբի համերգներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արուեստի դէպք է։ Այս կարգէն, Երեւանցիները դեռ չեն մոռցած վերջին այն համերգը որ սարքուեցաւ Երեւանի Օփէրայի առջեւ, բացօթեայ, արտակարգօրէն բարձր գեղարուեստական որակով։
Մենք Սեպուհ Աբգարեանը առաջին անգամ ճանչցանք Երեւանի մէջ, Արամ Խաչատուրեան Տուն Թանգարանին մէջ սարքուած երգչախումբի կարճ համերգի մը առիթով։ Գիւմրիի «Գոհար» երգչախումբը հրաշք մը իրագործած էր այդ օր եւ մենք մեր շուրջիններուն հարց տուած էինք թէ ո՞վ էր այս Սեպուհ Աբգարեանը։

Ի՜նչ լաւ էր որ անկէ վերջ մենք այս հրաշագործ խմբավարը վայելեցինք մեր քաղաքին մէջ ալ, երբ «Գոհար» երգչախումբին ու պարախումբին հետ եկաւ մեր քաղաքը ու հոս ալ սարքեց անմոռանալի համերգ մը։

Սեպուհ Աբգարեան ծնած է Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքին մէջ, բայց այսօր կը պատկանի ամբողջ հայութեան։ Երանի թէ հոս՝ մեր բեմերուն վրայ ալ շուտով հնչեն «Հացին Երգը» հաւաքածոյէն մեզի հասնող հացին երգերը։ Վստահ ենք որ այդ երգերուն մէջէն մեզի պիտի հասնին հացին բուրմունքին հետ միասին նաեւ հայ երաժշտութեան ամէնէն տոհմաշունչ շեշտերն ու ձայները։

Կը շնորհաւորենք Սեպուհ Աբգարեանը եւ, քիչ մը ուշացած ալ ըլլանք, իրեն կը մաղթենք արեւոտ օրեր ու արեւոտ նոր երգեր։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
ՊՈԼԻՍ
ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ


Աղբյուր`http://asbarez.com/arm/104761/

Կատեգորիա: Ծլնգոցից մինչև զրնգոց | Դիտումներ: 1265 | Ավելացրեց: admin | Տեգեր: Դանիել Վարուժան, Սեպուհ Աբգարեան | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Հուլիս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 1
Հյուրեր: 1
Օգտվողներ: 0