Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան նամակ ուղարկած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընին` պատասխանելով քրիստոնէական եկեղեցիներուն առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հիմնաւորման:
Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, ամերիկացի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի գրաւոր այն հարցին, թէ "մինչեւ 1915 ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գործած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն քանի՞ հատը այսօր կը գործեն իբրեւ եկեղեցիներ”՝ դեսպանը պատասխանած էր. "քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը, որոնք կը գործէին մինչեւ 1915, այսօր կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ: Որոշ եկեղեցիներ կը գործեն իբրեւ թանգարաններ, մնացեալը խարխլուած են կամ մզկիթներու վերածուած` չօգտագործուելու պատճառով”,– ըսած էր դեսպանը:
"Կը փափաքէի յիշեցնել, որ մենք միշտ օժանդակած ենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առաւել բնականոն յարաբերութիւններու աջակցութեան ուղղուած ԱՄՆ կառավարութեան ջանքերուն: Այդ ջանքերը հաշուի առնելով` դժուար է հասկնալ Թուրքիոյ մէջ հայկական պատմական եկեղեցիներու եւ այլ քրիստոնէական եկեղեցիներու կարգավիճակին առնչութեամբ դեսպան Ռիքարտոնէի հիմնաւորումները: Հարիւրաւոր եկեղեցիներու հիմնահատակ կործանումը, զանոնք անուշադրութեան մատնելը, ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ մեր սրբավայրերէն շատերը մզկիթներու վերածելը հայերու համար ահռելի ցաւ է, յիշեցում` 1915ի Ցեղասպանութեան հետեւանքով եղած մարդկային զոհերու եւ ոչնչացումներու մասին”,– Քլինթընին ուղղուած իր նամակին մէջ կը գրէ Պարսամեան եւ կ’աւելցնէ, որ իր յայտարարութեամբ դեսպանը խորապէս վիրաւորած է ամերիկահայերը` "բանալով զգայուն վէրքերը”:
Պարսամեան այնուհետ կը գէ, որ դեսպանը, ամենայն հաւանականութեամբ, պարզապէս անտեղեակ է որոշ փաստերէ, "սակայն երկրի պատմութեան, անոր մութ եւ վառ էջերու վարպետօրէն իմացութիւնը կարեւոր է` այս կարեւոր եւ բարդ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ շահերուն արդիւնաւէտօրէն եւ դիւանագիտօրէն ծառայելու համար”,– կ’ընդգծէ Պարսամեան:
Նամակի աւարտին Պարսամեան կը նշէ, որ նամակ գրելու նպատակը տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ–ի ջանքերուն աջակցիլն է:
Աղբյուր`http://akunq.net/am/?p=11754
|