Հինգշաբթի, 28.03.2024, 22:48
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Հունիս » 28 » Ն. Աղբալեան. Հայ ժողովուրդի ծագման տեսութիին մը «Պատմութիին հայոց գրականութեան» ներածական գործին մեջ
20:34
Ն. Աղբալեան. Հայ ժողովուրդի ծագման տեսութիին մը «Պատմութիին հայոց գրականութեան» ներածական գործին մեջ
Նիկոլ Աղբալյան
Պէյրութ, 1947, տպարան «Յոյս» (Ապագայ տպարան Համազգայինի)

Անուններ կան եւ մտաշխարհներ, ուրեմն եւ գործեր, որոնքՙ դժուար բնորոշելի ուժի մը ակէն կարծես սնուողՙ կը զանցեն իրենց ժամանակը, անոր կաշկանդիչ կաղապարներն ու կնիքը: Իրենք զիրենք կը տեղադրեն վեր ու անդինՙ ընդհանրապէ՛ս ժամանակային ամէն սահմանափակումէ:

Այս երեւոյթին անդրադառնալու, զայն քննարկելու հետաքրքրական ու լրջագոյն առիթ է Նիկոլ Աղբալեանի մտաշխարհը:

1. ԱՂԲԱԼԵԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱԾԻ ԽԻԶԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ծանօթ է գրադատ եւ գրականագէտ Աղբալեանի տրուած գնահատումըՙ իբր «մարգարէ» գրադատ եւ համադրական ներուժ մտքով օժտեալ մշակութաբան-մատենագրագէտ: Հոսՙ չեմ ուզեր անդրադառնալ արդէն նկատուած եւ չափով մը այս քննարկուած երեւոյթինՙ իր ընդհանրութեան մէջ: Այլ (ցարդՙ որքան գիտեմՙ աննկատ մնացած) Հայոց պատմութեան իր մօտեցումին, եւ յատկապէսՙ Հայ ժողովուրդի ծագման իր տեսութեան:

Ճշդում մը .- Այս տեսութեան աղբալեանական յղումին մէջ, առաջնահերթաբար անոր բովանդակութիւնը չէ որ նկատի կ՛առնուի հոս, ըստ էութեան: Այլ նախՙ անոր ինքնուրոյնութիւնը, ընկալեալ դրոյթները անտեսելու քաջութիւնը: Ամենայն յանձնապաստանութեամբ, թէեւ միանգամայնՙ «սիրողական» ողջմիտ համեստութեամբ մը:

Ա՛յլ հարցՙ ան նաեւ իր բովանդակութեա՛մբ է որ այսօր կ՛արժեւորուի... Ահա թէՙ ինչո՛ւ:

Այս վարկածը, Աղբալեանի մէջ խմորուած միայն ու միայն ներիմացական նուրբ «բնազդ»ովՙ ամենաուշը 1920-30ական թուականներուն, եւ իր կողմէ հիմնաւորեալ հրապարակուած-հրատարակուածՙ 40ականներուն,- հաւաստումի պիտի արժանանար պատմագիտական աշխարհի կարեւոր հեղինակութիւններու մօտ... քանի մը տասնամեակ ետք միայն-անշուշտ Աղբալեանի կէս դարով զիրենք կանխող խոնարհ այլ պայծառատես հրապարակումէն բոլորովին անկախ-անտեղեակ...: Այսօր նկատուելու համար Հայ ժողովուրդի, եւ աւելի ընդհանուրՙ հնդեւրոպական ցեղերու, նախալեզուի եւ նախահայրենիքի պատմութեան լուրջ վարկածներէն մէկը, եթէ ոչ լրջագոյնը:

Ի՞նչ է ուրեմն բովանդակութիւնը Հայ ժողովուրդի ծագման աղբալեանական վարկածին, շատ ամփոփ գիծերով:

2. ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸՙ ԲՆԻԿ ԱԶԳԱԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

Տեսութեան առաջին դրոյթը, կրնանք ըսել, հայ ժողովուրդի կայացուցիչ ցեղային գլխաւոր տարրերուն «բնիկութեան» դրոյթն է: Այս ուղղութեամբ յստակ է Աղբալեանի դիրքը. «Հայոց սովորութիւնները, գործիքները, ամանները, տնտեսութեան կերպերը շատ աւելի հին են քան Հայոց պատմութիւնը, եւ ժառանգութիւնն են [նախապատմական] հին դարերի եւ ցեղախմբերի... ԹԷեւ մակաբերումով, բայց առանց վարանումի կարող ենք ասել, թէ Հայոց ազգի ինչպէս մարմնական, այնպէս եւ ոգեկան կազմը գալիս է այն անյիշելի դարերից...»:

Դէպի պատմական ժամանակները առաջանալով, եւ խօսելով յատկապէս «Հայաստանի հիւսիսում եւ հիւսիս-արեւմուտքում» ապրող Հայասաներ հաւաքական անունով ճանչցուած ցեղերու խումբի մասին, Աղբալեան կը ճշդէ, որ անոնք «բռնում էին Արագածի լանջերը, Շիրակն ու Սեւանի շրջակաները, Սիւնեաց աշխարհը եւ արեւմուտքումՙ Կարս ու Կարին եւ Արաքսի վերին հովիտը»: Անոնք են որ կը կազմեն, Աղբալեանի համար, Հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ գլխաւոր էատարրը, անոր արդէն ազգա-մշակութային առումով կազմաւորուած մարմինը:

Կը հետեւի առնչակցումը. «Կարծում եմՙ Հայասաներն էին, որ ստեղծած էին մեր աշխարհի նախա-ուրարտական մշակոյթը-կոփածոյ քարի շէնքերն ու բերդերը, նշանագիրն ու քանդակները, քարէ վիշապներն ու առուները լեռնալանջերին ...»:

Իսկ Հայա(սա)ներու վիճակն ու դիրքըՙ ն. Ք. երկրորդ հազարամեակի աւարտին պատմութեան բեմը գրաւող եւ աւանդական պատմագիտութեան կողմէ «Ուրարտու» յորջորջուած գործօնին հանդէպ, Աղբալեան կը բնորոշէ այսպէս.

«Սրանց է որ նուաճած են Ուրարտացիները եւ սրանք են, որ տեւաբար ապստամբած են նրանց դէմ... Ուրարտական ցեղերը դարձան պետական ժողովուրդ, եւ ձուլեցին իրենց շրջանի տոհմերը, բայց հիւսիսում Հայասաներին առժամապէս միայն կարողացան նուաճել: [Սրանք] բաւական զօրաւոր էին եւ քաղաքակիրթՙ չձուլուելու համար, բայց պետական կազմակերպութիւն չունէին Ուրարտացիներին դիմագրաւելու համար...:

«Բնիկ հայերու» այս զանգուածին մէջ «ուրարտացի»ներու հետագայ ձուլումը կանխաւ բացատրողՙ առաջիններու քաղաքակրթական ամրութիւնը շեշտելով, ան կը յարէ տակաւին. «Իբր քաղաքական կազմակերպութիւնՙ նրանք թոյլ գտնուեցան ուրարտական պետութեան հանդէպ, որովհետեւ ապրում էին ցեղական կենցաղով, բայց իբր մշակութային միաւոր եւ ազգաբնակչական զանգուածՙ նրանք մի պատկառելի ուժ էին անշուշտ...»:

3. ՈՒՐԱՐՏԱՑԻ [ԿԱՄ ԽԱԼԴ] ՏԱՐՐԸՙ ԵԿՈՒՈՐ, ԲԱՅՑ ԱՐԱԳ ՀԱՅԱՆԱԼՈՒ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ...

Աղբալեան վճռական էՙ Ուրարտական ցեղերու, գոնէ անոնց ղեկավար տարրերու, եկուորութեան մասին.

«Խալդ ժողովուրդը եկամուտ է եւ ոչ բնիկ: Նա ապրած է հիւսիսային Միջագետքում, եւ Ասորեստանի հարուածների տակ քաշուած է հիւսիս եւ մտածՙ մեր աշխարհը հարաւից: Նա հասել է մինչեւ Հարք (Խնուսի շրջանը) եւ այստեղ զօրանալով Արամէի գլխաւորութեամբ սկսած է տիրապետել մեր երկրին յաջորդական արքաների արշաւներով: Այս իշխանական տոհմին ենթարկուած են նախաբնիկ ցեղական խմբերը... Առնուազն երեք դար Խալդերը վարած են մեր աշխարհի ճակատագիրը: [Անոնց ղեկավարութեան տակ], անջատ ցեղերի դաշնակցութիւնը դարձած է մի տարածուն ու հզօր պետութիւն, որ ճակատած է Ասորեստանի դէմ...»:

Այսպէս, մինչ ոչ-հայ «Ուրարտու» եւ եկուոր «Արմէններ» իրարու հակադրող աւանդական տեսութիւնը անճար կը մնայ, առնուազն խոցելիՙ Ուրարտական պետութեան անկումէն անմիջապէս ետք Հայկական ամուր թագաւորութեան մը առկայութիւնը բացատրելու համար, Աղբալեան լրիւ գոհացուցիչ ձեւով կը բացատրէ այդ փուլը: Այսպէսՙ

«...Երբ [խալդերու] տիրապետող խաւը թուլացաւ եւ քայքայուեցՙ Հայասաները տէր կանգնեցին այն երկրին, որի բնակիչ ու վարիչն էին նրա երեւումից առաջ: Այսպէս կարելի է մեկնել մի բաւական զօրաւոր իշխանութեան գոյութիւնը մեր երկրում Ուրարտացոց կործանումից անմիջապէս յետոյ եւ Կիւրոսից առաջ:»

Ինչ կը վերաբերի ուրարտական տարրիՙ Հայ ժողովուրդի մէջ անվերադարձ ձուլումին, Աղբալեան նոյնքան վճռական է. «... [Հայկի] վէպի միջուկը ոչ մէկ կասկած է թողնում, թէ նա ուրարտական ծագում ունի, ուրարտական ժողովուրդի մուտքն է պատմում մեր երկիրը, եւ նրա նուաճումների մասին է խօսում: Հայաստաներըՙ ինչպէս տէր դարձան ուրարտական երկիրին ու պետութեան, այնպէս եւ սեփականեցին նրա վէպը... ... Վստահութեամբ կարող ենք ասել, թէ [Ուրարտացիների] ազգային վէպը անցած է Հայերին: Հայկի եւ իր սերունդի վէպն է դա: Ուրարտացին հայացած է իր լեզուով եւ հայերէն պատմած է իր վէպը. այսպէսով նա դարձած է հայկական:»

4. ... ԻՍԿ «ՀՆԴԵՒՐՈՊԱՑԻ ԱՐՄԷՆ»ՆԵՐԸ - ԱՆՀԻՄՆ ՎԱՐԿԱԾ

Տեսութիւնը հիւսող այս վարկածախումբին համարՙ անհրաժեշտ, բայց եւ իր տարազումի թուականներուն ամենայանդուգն տարրը, կը վերաբերի իբրեւ թէ Արեւմուտքէնՙ Պալքաններէն եկած Արմէններուն: Աղբալեան Արմէն-Արմենիա եզրերը լրիւ կ՛անջատէ այդ ենթադրութենէն, զայն կապելով Արամ-Արամէի անուան, այսինքն մօտեցնելով երկար ատեն անարդարօրէն անտեսուած Խորենացիի աւանդածին.

«Անհրաժեշտ է այստեղ [Արմէնների] խնդրի քննութեան մէջ մտնել: ... Ինձ թւում է, որ այս խնդրի մէջ մեր Խորենացին է որ իրաւունք ունի. մեր երկիրը եւ ժողովուրդը Արամի՛ անունով ճանչցուած է իբր Արմինա եւ Արմինիյա: Այս անունն է, որ Յոյներն առած են Պարսիկներից... Արամէի ցեղի տիրապետութեան շրջանին է, որ Հայաստանը ճանաչուած է իբր ուրոյն աշխարհ եւ հզօր պետութիւն... Դարեհի արձանագրութեան բաբելական պատճէնի մէջ, մեր աշխարհը կոչւում է Ուրաստու, որ համարւում է Ուրարտու բառի հնչափոխումը: Միեւնոյն աշխարհն է, որ պարսկի համար Արմինա է, բաբելացու համար Ուրարտու...»:

Եվ այս բոլորին զուգահեռՙ «Անհիմն պէտք է համարել այն վարկածը, որ իբր թէ եղած է մի ժողովուրդ Արմէն անունով, որ ուրարտական պետութեան փլուզումից յետոյՙ եկած է Արեւմուտքից եւ մեր աշխարհի տէրն է դարձած: Հայերը, որ նոյն է թէ Հայասաները, մեր երկրի բնիկն ու տէրն եղած են Խալդերից շատ առաջ... » (ընդգծումըՙ ինծմէ. Յ.Ք.):

***

Հոս փորձուածը, ինչպէս արդէն ճշդուեցաւ սկիզբը, չէր եւ չի կրնար ըլլալՙ Հայ ժողովուրդի ծագման աղբալեանական տեսութեան ըստ էութեան քննարկում: Այս վերջինըՙ նախՙ օրաթերթային ծաւալի նիւթ չէ: Ապա, ու մանաւանդ, այդպիսի գիտական քննարկում առհասարակ դուրս կ՛իյնայՙ այս սիւնակի ստորագրողի ձգտումներու ծիրէն:

Արդէն ատոր կարիքն ալ չունինք: Հեղինակաւոր պատմագէտներ, վերջին տասնամեակներուն, կ՛ըսէի, արտայայտուած են, եւ Հայ ժողովուրդի «բնիկութեան» տեսութիւնը, հնդեւրոպական նախահայրենիքի նոր տեղադրման առընթեր, քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է պատմագիտութեան մէջՙ իբր շատ լուրջ վարկած:

Շահեկանը մեզի համար, կ՛արժէ կրկնել, Աղբալեանի մտքին բանումի ոճն է, ներուժ գործընթացը: Այսինքնՙ ներիմացումով ստեղծումը սեփական տեսիլքի մը, հիմնաւոր եւ ամբողջական-կապակցեալ վարկածի մըՙ Հայ ժողովուրդի ծագման տեսութեան, որՙ ինքզինք «սիրողական» յայտարարելով հանդերձ, խիզախօրէն կը հակադրուի իր ժամանակի ծամուած, համատարածօրէն ընդունուած «մասնագիտական» տեսութիւններուն: Մենաւո՛ր տեսիլքի մը, որՙ մշակուած նախորդ դարու սկիզբներունՙ տասնամեակներ ուշՙ առաջ պիտի քաշուէր պատմագէտներու կողմէ.- Հնդեւրոպական նախահայրենիքի տեղադրումՙ Անատոլի-Հայկական բարձրաւանդակ-հիւսիս-արեւմտեան Իրան գօտիին մէջ. հետեւաբարՙ բացայայտում հայ ժողովուրդի բնիկութեան. հետեւաբար եւ հերքում Արմէններու գոյութեանՙ իբր անջատ, Արեւմուտքէն գաղթած «հնդեւրոպացի» ցեղ-ժողովուրդի:

Աւելի՛ն. Աղբալեանի մօտ, կը տեսնենք, «ուրարտական» երեւոյթը այնքան ներդաշնակ կը համարկուի ընդհանուր տեսութեան, աւելիՙ քան հայրենի որոշ պատմագէտներու միակտուր հաստատումով, ըստ որոնց ուրարտացիք հայ էին ի սկզբանէ-եւ վերջ: Ի՛նչ գիտական «նախասիրութիւններ» ալ ունենայ պատմագէտ մը, չի կրնար անտեսել Աղբալեանի ներիմացական փայլատակումըՙ կառուցած կուռ վարկածը ուրարտացիներու մասին.- Հիւսիսային Միջագետքէն Հայաստան թափանցած կենսա-ցեղայնօրէն հայամերձ տարր, որ աստիճանաբար ու խաղաղ ընթացքով իրեն ենթարկած է, իր պետական կառոյցին մէջ ներառածՙ հայկական Միջնաշխարհի բնիկ հայ ցեղերը, բայց եւ ենթարկուածՙ աստիճանական հայացումի:

Ի վերջոյ, որքան ալ անսպասելի, աղբալեանական մտածումի ընթացքը անգամ մը եւս կ՛երեւիՙ իբր համադրում մը դասական ողջմտութեան եւ ներիմացական-մարգարէական պայծառատեսութեան. համադրում արթուն, քաջ ողջմտութեան եւ ստեղծագործ աւիւնի: Յատկութիւններՙ որոնք, կը թուի, յաճախ չէ որ պիտի համատեղուէին...:

Բայց Աղբալեանիՙ այս վաւերական դասականի պարագային, ողջմտութիւնը յայտնօրէն կապ չունի ընթացիկ ողջմտութեան հետ. կը նոյնանայ աննախապաշար ու անկաշկանդ կեցուածքի հետ, դիտելու-մտածելու արարքը «զերոյէն սկսելու» կարողութեան ու վճիռի հետ...


Աղբյուր`http://www.azg.am/AM/culture/2011062507

Կատեգորիա: Գրականություն | Դիտումներ: 787 | Ավելացրեց: admin | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Հունիս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 1
Հյուրեր: 1
Օգտվողներ: 0