Հինգշաբթի, 28.03.2024, 17:49
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Մայիս » 21 » Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Պատրաստութեան Աշխատանքներուն Ոտնահետքերով
20:18
Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Պատրաստութեան Աշխատանքներուն Ոտնահետքերով
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ

2010ի Մայիս 15ի շաբաթավերջին, մեր «Արուեստ» էջով հրապարակած էինք վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ, «Արմէնօիտ Խումբ»ի (Armenoid Team) հիմնադիր, չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» (Emmy) մրցանակի մրցանակակիր Պարէտ Մարոնեանի հետ ամբողջական հարցազրոյց մը, ուր ան կը խօսէր «Ցեղասպանութեան Որբերը» (Orphans of the Genocide) վաւերագրական կարճ ժապաւէնին երկար տարբերակի աշխատանքներուն սկսելու մասին:

Տարի մը ետք, ահա՛, երկարաշունչ եւ անխոնջ աշխատանքէ ետք, «Ցեղասպանութեան Որբերը» ժապաւէնի երկար տարբերակին նկարահանման գործը, որ ընթացած էր զանազան վայրերու մէջ, սկսելով Լիբանանի Այնթուրա քաղաքէն, անցնելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերէն ու հասնելով վերջին հանգրուան՝ Հայաստան, հասած է իր աւարտին:

Նկարահանումներուն զուգահեռ, Պարէտ Մարոնեան «Արմէնօիտ Խումբ»ին հետ շրջեցաւ քաղաքէ քաղաք եւ իր «Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին ծրագիրը ներկայացուց հայաշատ շրջաններու մեր համայնքներուն՝ ստանալով նիւթական, քաջալերական եւ այլ տեսակի նեցուկ, սոյն գործին հաւատացող հայրենակիցներէ:

«Այցելեցինք եւ նկարահանեցինք Գիւմրիի, Էջմիածինի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Լքուած որբանոցներու շէնքերը Գիւմրիի մէջ ահարկու էին եւ խորհրդաւոր՝ իմանալով, որ ժամանակին այնտեղ 20,000 որբեր կը պատսպարուէին: Էջմիածինի մէջ յայտնաբերեցինք հողատարածք մը, ուր թաղուած էին Ցեղասպանութեան որբեր: Այժմ, այդ հողատարածքը, հեգնականօրէն, վերածուած է խաղավայրի… նաեւ «Նաշընըլ Ճիոկրաֆիք Արքայվ»ին (National Geographic Archive) մէջ յայտնաբերեցի նոյն այդ հողատարածքի արխիւային լուսանկարները, որոնց մէջ կը պատկերուէր ընդհանուր թաղման վայրը», կը յայտնէ Պարէտ Մարոնեան:

Բեմադրիչը իր նկարահանման օգնականներուն հետ միասին, Ապրիլ 24ին նկարահանեց Ծիծեռնակաբերդի հաւաքը: Անոնք ունեցան հարցազրոյցներ Ցեղասպանութեամբ ազդուած արուեստագէտներու եւ մասնագէտներու հետ: Ապա, քանի մը օր ետք, ան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան ուսումնարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին կողմէ հրաւիրուեցաւ թանգարան՝ կատարելու համար Լոս Անճելըսի մէջ անցեալ ամիս կայացած ներկայացման նման ելոյթ մը, որպէսզի բացատրէ իր ֆիլմի ծրագիրին աշխատանքներն ու հանգրուանները. (Պարէտ Մարոնեան նոյնանման ելոյթ մը ունեցած էր նաեւ Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանին մէջ):

Խումբը ունեցաւ հարցազրոյց մը Էջմիածինի արխիւներու տնօրէն հայր Աշողիկ Կարապետեանի հետ, որ յայտնեց, թէ Էջմիածինի մէջ 200 եարտ տարածութեամբ հողաշերտի մը տակ թաղուած են անհամար թիւով Ցեղասպանութենէն վերապրածներ, որբեր, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին քոլերայի եւ այլ հիւանդութիւններու զոհ դառնալով:

Անոնք հարցազրոյց ունեցան նաեւ նորվեկիացի Ժուսի Ֆլեմինկ Պիօրնի հետ՝ թոռը Պոտիլ Քաթրին Պիօրնի, որ հաստատուած էր Մուշի մէջ իբրեւ միսիոներ, վկայ եղած էր Մուշի ջարդերուն, ազատած էր Ցեղասպանութեան հարիւրաւոր որբեր եւ հիմնած իր որբանոցը:

«Երեւանի մէջ հանդիպեցանք եւ հարցազրոյց ունեցանք Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Պրուս Պօղոսեանի հետ, որ թոռն է 103 տարեկան, Մեսեչուսեց բնակող Ցեղասպանութեան որբ Ալմաս Պօղոսեանին», կ՛ըսէ Պ. Մարոնեան:

Նկարահանողները հանդիպեցան նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի «Եունեսքօ»ի բաժանմունքի նախագահ Լեւոն Չուքասզեանի հետ, որ խօսեցաւ հայ արուեստագէտներուն վրայ Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութեան մասին:

Նշենք, որ Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» ժապաւէնը կ՛իրականացուի հիմնականօրէն Պէզճեան ընտանիքի հովանաւորութեամբ:

Այժմ բեմադրիչը կը կատարէ ժապաւէնի համադրումի (editing կամ montage) բծախնդիր աշխատանքը, որ պիտի տեւէ քանի մը ամիս:

Աղբյուր`http://asbarez.com/arm/99321/
Կատեգորիա: Կինո | Դիտումներ: 996 | Ավելացրեց: admin | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Մայիս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 1
Հյուրեր: 1
Օգտվողներ: 0