Գլխավոր » 2011 » Օգոստոս » 25 »
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական երեք օրաթերթեր պետութեան կողմէ նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանան
02:48
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական երեք օրաթերթեր պետութեան կողմէ նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանան
Թուրքիայի կառավարութեան առընթեր Մամուլի յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը որոշում կայացուցած է նիւթապէս աջակցիլ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող վեց թերթերու:
Ըստ bianet կայքին՝ ընդունուած որոշման համաձայն` Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական "Մարմարա”, "Ժամանակ”, "Ակօս”, յունական "Աբոեւմադինի”, "Իհօ” եւ հրէական "Շալոմ” թերթերուն պետութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի յատկացնէ 250 հազար թրքական լիրայի (մօտ 140 հազար ԱՄՆ տոլար) նիւթական աջակցութիւն:
Միեւնոյն ժամանակ Մամուլի յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութիւնը անփոփոխ ձգած է գործող օրէնքը, ըստ որուն կը սահմանափակուի ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերու` իրենց էջերուն մէջ պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքը:
Իր հերթին bianet կայքը կ’ընդգծէ, որ ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն ամենագլխաւոր աջակցութիւնը պիտի ըլլար գովազդային յայտարարութիւններու հետ կապուած արգելքի վերացումը:
Կայքի հետ զրոյցին՝ "Աբոեւմադինի” թերթի սեփականատէր Միհայիլ Վասիլիատիս ըսած է, որ իրենց թերթին ցուցաբերուելիք նիւթական աջակցութիւնը բաւարար չէ պարբերականի հրատարակման հետ կապուած խնդիրները յաղթահարելու համար: "Անշուշտ, ասիկա աջակցութիւն է: Սակայն նման գումարով հնարաւոր չէ շարունակել թերթի լիարժէք գործունէութիւնը: Այդ գումարը պիտի օգնէ միայն թերթի գոյատեւման”,- ըսած է "Աբոեւմադինի”ի սեփականատէրը` նշելով, որ միայն այս տարի թերթին համար սեփական միջոցներով ծախսած է 20 հազար թրքական լիրայ (մօտ 11 հազար ԱՄՆ տոլար):
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ գործող օրէնքին համաձայն` պաշտօնական վճարովի եւ գովազդային բնոյթի յայտարարութիւններ տեղադրելու իրաւունքէն օգտուելու համար՝ պարբերականը նախ պէտք է ըլլայ օրաթերթ, ունենայ ութ էջէն ոչ պակաս ծաւալ, աւելի քան հինգ հազար տպաքանակ եւ խմբագրութեան մէջ պէտք է աշխատի առնուազն եօթ մարդ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ազգային փոքրամասնութիւններու թերթերուն պետական աջակցութիւն ցուցաբերերու որոշման՝ ատիկա վարչապետ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութիւնն է: Նախքան որոշումը կայացնելը, Մամուլի յայտարարութիւններու հարցով կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են վերոնշեալ թերթերու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ: Հիմնական թեման եղած է գովազդներու տեղադրման արգելքին վերացումը:
Նշենք նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերու նիւթական բաժինի հիմնական աղբիւրը համայնքն է: