Հինգշաբթի, 21.11.2024, 19:13
Ողջունում ենք Ձեզ Հյուր | RSS

Ջուռնալ



Գլխավոր » 2011 » Հուլիս » 29 » Նոր գիրքեր - Աղբարիկ, Ափիկ Մը Ջուր
14:19
Նոր գիրքեր - Աղբարիկ, Ափիկ Մը Ջուր
Գէորգ Աբէլեան
Այսօրուան մեր գրական անդաստանը թէեւ ծաղկուն ովասիս չէ, սակայն եթէ ոչ յաճախ, երբեմն հոն կը հանդիպինք հոգիները լուսաւորող, միտքերը խթանող, սիրտերը փուլ բերող հրատարակութիւններու: Այդ գիրքերէն է Գէորգ Աբէլեանի «Աղբարիկ, Ափիկ մը æուր…»ը: Հրատարակուած է Պէյրութ, 2010ին, Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանէն: Շարունակութիւնն է հեղինակին վերջերս հրատարակած «Ցկեանս Նահատակութիւն» հատորին, որ արդէն իսկ թարգմանուած է արաբերէնի եւ սպաներէնի:

Գիրքը բաժնուած է գլխաւոր երկու մասերու: Առաջին բաժինը կազմուած է 19 պատմուածքներէ, որոնք կը պատմեն անոնց մասին, որոնք միացած են հայ հաւաքականութեան, ազգին: Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի քրտացած հայերու, որոնց նահատակութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, սերունդէ սերունդ, որովհետեւ անոնք թէեւ կրօնքով, լեզուով, նիստ ու կացով, կենցաղով քիւրտ են, սակայն արիւնով, համոզումով հայ են: Այս բաժինը կազմուած է չորս մասերէ: Բոլոր պատմուածքներն ալ վաւերագրուած են կենդանի նկարներով: Ամբողջութիւնը՝ 459 մեծադիր էջ:

«Աղբարիկ, Ափիկ մը Ջուր»ը եղեռնի գեհենական պատմութիւնն է, ուր տառապանքը ոչ թէ ապրում է միայն, այլ՝ նիւթականացած, շօշափելի, տեսանելի իրականութիւն, ուր մարդկային վայրագութիւնը, անմարդկայնութիւնը՝ հաճոյքի ու հրճուանքի միջոց: Անհատներու ճամբով կը պատմուի ամբողջ ազգին պատմութիւնը: Հոն են թոմարզացին, ճեպէլ-մուսացին, ակնցին, քեսապցին, մալաթիացին. հոն են Սասունը, Ատանան, Մարաշը, Կեսարիան, Գամըշլին, Հալէպը, Պէյրութը. ի մի բան՝ չքնաղ Կիլիկիան, մեր սրբութիւնը՝ պատմական Հայաստանը եւ համայնատարած Սփիւռքը: Հոն են հայ մարդուն թափառումները երկրէ երկիր, աւազներու, մոխիրներու մէջէն ընձիւղումները ազգին. ապրելու, ըլլալու տենչերն ու կանչերը հայուն: Հոն կը գտնենք, դիակներու կողքին՝ յարուցեալներ, նոր սէրեր՝ հալածուած հին սէրերու յաճախանքով. ոչ ներկան ներկայ է, ոչ անցեալը՝ կորսուած. յոյսեր, յոյսեր, յուսահատութիւններ, յուսախաբութիւններ՝ կողք կողքի: Անակնկալ, առասպելներու մէջ միայն պատահող հանդիպումներ, գիրկընդխառնումներ, երջանկութիւններ, արցունքներ: Հոն կը հանդիպինք իր ձեռքով իր հարազատ զաւակը ջրամոյն ընող մայրերու, Աստուծոյ վրայ կրակող այրերու, ճակատագիրին, մարդկութեան, աստուածային արդարութեան հայհոյողներու, նաեւ՝ զԱստուած փառաբանողներու:

Ահաւոր է երկրորդ բաժինի սերունդէ սերունդ ցարդ շարունակուող նահատակութիւնը: Ճիշդ է, առաջին բաժինին մէջ ալ կայ ինքնութեան փնտռտուք, սակայն անոնց տառապանքի այդ բաժինը ներքին, երբեմն միայն անհանգստացնող զգացում մըն է, քրտացած հայերուն մօտ ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասն է. ծնած է իբրեւ քիւրտ, կ՛ապրի լրիւ քրտական կենցաղով, սակայն հետեւելով իր արեան կանչին, իր համոզումին՝ գացած է հայկական դպրոց, սորված է հայերէն ու Ահմետը դարձած է Սարօ. հայը կը մերժէ Սարօն, Ահմետին պատճառով: Ո՞վ է ինք, Սարօ՞, թէ Ահմետ, ճեղքուած մարդ մը… ինչպէ՞ս միացնել այս երկու մասերը: Հայրը կատարեալ քիւրտ մը՝ Էմիր Մահմուտ, սակայն արիւնով, զգացումներով՝ կատարեալ հայ, իր աղջիկներուն տուած է Նանոր, Նայիրի, Արմինէ, Մենար անունները (ի դժբախտութիւն մեր օտարամոլ ծնողներուն): Վաղը, կեանքի մէջ ի՞նչ պիտի ըլլան այդ աղջիկները, հա՞յ, թէ քիւրտ. ո՞վ պիտի հետաքրքրուի անոնցմով, ինչո՞վ պիտի վերջանայ այս ողբերգութիւնը: Եւ քիչ չեն ասոնք… Ռաս Ըլայնի մէջ, պաշտօնապէս պետութեան մօտ 1998ին արձանագրուած «Աշիրաթ Արման ալ Շաթա»չ ցեղախումբը կը հաշուէ 25,000 անդամ, եւ ըստ ցեղապետի վկայութեան, տակաւին կայ մաս մը, որ չէ ուզած միանալ ցեղախումբին:

Տքնաջան եւ երկար փնտռտուքի արդիւնք է այս գիրքը: Այս գիրքը կը յուշէ մեզի, որ մեր Ցեղասպանութեան, անոր հետեւանքներուն ու սերունդէ սերունդ շարունակուող նահատակութեան մասին ամէնէն աւելին գիտցողն իսկ, տակաւին շատ բան ունի գիտնալիք…

Նախ մենք պէտք է ճանչնանք մեր Ցեղասպանութիւնը՝ իր հետեւանքներով, որպէսզի կարենանք ճշգրտօրէն փոխանցել զայն օտարներուն եւ պահանջել անոնցմէ, որ արդարութիւնը վերահաստատուի ու բռնագրաւուածը վերադարձուի իր տիրոջ:

Պէտք է ջանադիր ըլլալ, որպէսզի տարածուի այս գիրքը, որ գրուած է այնքան պարզ, դիպուկ ու սրտայոյզ ձեւով: Ոչ մէկ շպար, ոչ մէկ արուեստական պատշաճեցում: Կեանքը ներկայացուած է իր ամբողջական պարզութեամբ, անկեղծութեամբ, հարազատութեամբ, ատոր համար ալ այդքա՛ն ազդեցիկ է ու սրտաճմլիկ, նոյնիսկ ամէնէն քարսիրտ ընթերցողն իսկ չի կրնար կարդալ զայն՝ առանց աչքերը թրջելու:

Ստանալու համար, դիմել ԼԱՄ Ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան՝ հեռաձայնելով Անահիտ Եարալեանին (818) 787-2270 թիւին:

Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ



Աղբյուր`http://asbarez.com/arm/105702/


Կատեգորիա: Գրականություն | Դիտումներ: 868 | Ավելացրեց: admin | Տեգեր: Գէորգ Աբէլեան | Ռեյտինգ: 0.0/0
Ընդամենը մեկնաբանություններ: 0
Նյութեր ավելացնելու համար հարկավոր է գրանցվել:
[ Գրանցվել | Մուտք ]

Website translator

Գլխավոր մենյու

Եղանակ և Ժամ

Ancient Armenian Calendar

Ռադիո

Որոնում

Օրացույց

«  Հուլիս 2011  »
ԵրկԵրքՉրՀնգՈւրբՇբԿիր
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Վիճակագրություն



Ancient Armenian Calendar


Օնլայն: 3
Հյուրեր: 3
Օգտվողներ: 0