Գլխավոր » 2011»Օգոստոս»12 »
Ամերիկացի լուսանկարիչը կ՚արխիւագրէ Արեւմտահայաստանի պատմական յուշարձանները
13:38
Ամերիկացի լուսանկարիչը կ՚արխիւագրէ Արեւմտահայաստանի պատմական յուշարձանները
Երբ կայցելէք լուսանկարիչ Պրայըն Մորիաթիի www.brianmoriartyphotographs.com կայքէջը, Մշակոյթի նմոյշներ ենթաբաժնին մէջ, անմիջապէս կը կլանուիք կիսաւեր հայկական եկեղեցիներու ու վանքերու լուսանկարներու թախծոտ գեղեցկութեամբ, որոնք Պրայընի ոսպնեակին կը պատկանին: Պրայըն Մորիաթի Նիւ Ճըրզիի Stevens Institute of Technology Համալսարանին մէջ լուսանկարչութեան դասախօս-փրոֆեսէօր է: 2010-ի Օգոստոսին ան այցելած է Արեւմտահայաստան եւ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին արխիւագրած է 16 հազար լուսանկարներ, որոնք կը ներկայցնեն հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան գոհարները:
Պրայըն Մորիաթի մտահոգ է, որ Կարինի, Անիի, Կարսի, Վանի կամ Տրապիզոնի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները մի քանի տասնամեակ ետք ոչնչանան ու կորսուին: Առնուազն անհրաժեշտ է լուսանկարել զանոնք իրենց ներկայ վիճակով, կը յայտնէ Մորիաթի եւ կ՚աւելցնէ, թէ նպատակ ունի իր ոսպնեակով լուսանկարուած հայկական եկեղեցիներու վիթխարի որմազդեր ցուցադրել Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի նման ամերիկեան քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներուն վրայ, որպէսզի ամերիկացի ժողովուրդը տեղեակ ըլլայ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան: