ՎԱՆԱՁՈՐ.- Գուգարաց թեմի դիւանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեանի վաղեմի փափաքն էր, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայութեան, յատկապէս երիտասարդութեան միջեւ, իրար ճանչնալու նպատակով փոխադարձ այցելութիւններ կայացնել: Ահաւասիկ, թեմակալ առաջնորդին հովանաւորութեամբ, Օգոստոս 18ին թեմապատկան «Ծիծեռնակ» ճամբար հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղէն՝ Վագըֆէն, չորս երիտասարդներ: (Վագըֆը պատմական Մուսա լերան եօթը գիւղերէն մէկն է, ուր կ՚ապրի 130 հայ՝ պահպանելով քրիստոնէական մշակոյթը եւ մուսալեռցիներուն բարբառը: Գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ միայն հինգ տաղաւար տօներուն է, որ պատարագ կը մատուցուի, Պոլիսէն այցելող հոգեւորականներու կողմէ):
Երիտասարդները Հայաստանի մէջ պիտի մնան մինչեւ Օգոստոս 31: Այս ընթացքին՝ Հայաստանը մօտէն ճանչնալու նպատակով, պիտի այցելեն սրբավայրեր, թանգարաններ, պատկերասրահներ, նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան թեմի հոգեւորականներու, Եկեղեցասէր երիտասարդաց միութեան անդամներու հետ: Հանդիպումներ պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի մէջ «Մուսա լեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդներուն եւ Մուսա լեռ գիւղի բնակչութեան հետ:
Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածինի մէջ երիտասարդները մասնակցած են Կիրակնօրեայ պատարագին, շրջած Գանձատան եւ Մայր տաճարի թանգարանները, այցելած Հռիփսիմէ, Գայիանէ վանքերը եւ Սաղմոսավանքը: Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է այցելել նաեւ Սեւան, Երեւան ու Խոր Վիրապ:
Երիտասարդները առաջին անգամն է որ Հայաստան կ՛այցելեն, եւ այս այցելութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ, որ Վագըֆ գիւղէն պարբերաբար Հայաստան այցելեն նաեւ այլ երիտասարդներ:
Անոնք արդէն այցելած են Վանաձորի եկեղեցիներ, քաղաքի տեսարժան վայրեր, երկրագիտական եւ կերպարուեստի թանգարաններ, իսկ Օգոստոս 20ին ուխտագնացութեան մեկնած են Հաղպատ եւ Սանահին:
Օգոստոս 22ին կազմակերպուեցաւ անոնց հանդիպումը Գուգարաց թեմի Երիտասարդաց միութեան անդամներուն հետ. չորս հայ երիտասարդները նաեւ հաղորդակցած են վանաձորեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ եւ քննարկած երիտասարդութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, եւ այս մտերմիկ ու ջերմ կապը պահելու համար, իրարու փոխանցած են հասցէներ:
Հիւրերու առօրեան յագեցած է յատկապէս «Ծիծեռնակ» ճամբարով, ուր ճամբարականներու հետ արդէն ձեւաւորած են ջերմ ու անմիջական յարաբերութիւններ: Երգ ու պարին, ուխտագնացութիւններուն զուգահեռ՝ երիտասարդներուն մօտ կը խորանայ նաեւ հայերէնի իմացութիւնը:
Թեմակալ առաջնորդին կողմէ երիատասարդները ստացած են յուշանուէրներ:
http://asbarez.com/arm/107959/
Աղբյուր`http://akunq.net/am/?p=11851
|